Անդարձ
Լուսնի լոյսը ծառերէն ծաղիկի պէս էր կախուեր.Ապրիմ-մեռնիմ մը ձեռքըս` սիրոյս ճամբան ես ինկայ.Ա՜հ, լըսէի՜ր, տերեւին հովը ինչեր կը հծծէր:“Կը սիրէ՛ զիս, չի սիրեր, քի՜չ մը, բընա՛ւ… տարփագի՜ն…”Մէկիկ մէկիկ փետտեցի, գաղձերուն հետ ձանձրոյթիսԵւ արիւնող փուշին հետ սրտիս մխուող թախծանքին:Ինչպէ՜ս կրկնեմ բարբառը երիցուկին մարգարէ,Հէ՜ք ծաղիկ, զոր խեղդեցի վայրկեանի մը մէջ անյոյս`Ուր ձեռքիս մէջ կը սուրար ձեռքիդ երազն յամպարէ:Ինչպէ՜ս կրկնեմ տաղերը նարկիսներուն ու վարդին,Ու վիպերգը` կեռասէ բադրոններուն վրայ ձիւնողՃերմակ բուրեան շափրակի բադիլներու մեղեդի՜ն:Շամանդաղին մէջ` թել թել կ’իյնայ ջրցայտքն անտարբեր.Լուսնի լոյսին կ’երկարին առուակի զոյգ մը թեւեր,Ու շրջավայրը կ’ըլլայ աղապատանք մը տարփոտ:Ճամբուն վըրայ կը կրկնէ աղբիւրն անվերջ հեքէաթներ,Գուռն հիացիկ մանուկի աչքի մը պէս է բացուեր.Ջըրարբքին մէջ կ’ուրուագրէ լուսինն աղջկան մը պատկեր:Թաւուտին մէջ թեւաբաց, ահա՜, տեսիլդ է կայներ.Այծտերեւին հոտեւան մատերն հերքըդ կը շոյեն,Ու տերեւներ վեհերոտ կու տան իրենց համբոյրներ:Մառախուղով կը լենայ հիր շրջագիծն երազիս,Ուր ամբարձիկ մարմինիդ հըպարտ շուշանն է կեցեր.Հոգւոյդ կարմիր կարօտին, ա՜հ, պատարա՜գ ըրէ զիս:Ապրիմ-մեռնիմ մը ձեռքըս` նորէն դաշտերն ես ինկայՈւ տենչանքներըս գրկած լացի մարմինդ ըսպիտակ.Դարձիս` ճամբան` սառե՜ր էր` տամուկ` լո՜յս ու լուսինկայ…
Comments
Loading comments…