Թրթռումներ
Լոյսի բիծեր ծիրանիԿ՚ասղնտեն քօղքը մութին.Լուսնի ցոլքեր կ'անհետինԽորքը ծովուն հոլանի։
Հըմայքներով փողփողուն,Հեշտութիւն մը կապոյտի,Հանդարտօրէն կը ԺպտիՀոգւոյս մըռայլ տենչերուն։
Սիրոյ յուշեր լուսաւէտ,Դողդոջուն ու ցնծագին,Արագօրէն կը ծագինՀըպարտ կ՚անցնիմ երբ քովէդ։
Ըզգացում մը բիւրեղէ,Ծիածանի երանգով,Ցաւոտ հոգւոյս մութին քովԼոյս ակօսներ կը պեղէ։
Comments
Loading comments…