Կայծեր (Միսաք Մեծարենց)
Հոգւոյս դափ ու թմբուկիԿ'իջնէ ծիծաղն այս գիշեր.Ծնծղաներու պէս ցնծուն՝Ծափ կը զարնեն իմ յուշեր։
Բամբիռներու երգին հետՔու շահէնի աչքերուդԾիրանեծին բոցն հըրուտկ'այրի հոգւոյս մէջ նորէն։
Գինով՝ աննիւթ նեկտարէնՀամբոյրներուն ծաղկանոյշ՝Հոն խօլաբար կը պարենՇարժուձեւեր բամբիշի։
Ցայգն յամրօրէն կը մաշի՜Ա՜հ, քի՛չ մըն ալ, քի՜չ մըն ալ,Կ'ուզէ հոգիս գինովնալՆայուածքիդ մէջ հրահոսան։
Comments
Loading comments…