Ձմրան պարզ գիշեր

Համբոյրիդ, գիշե՜ր, պատուհանս է բաց,Թո՛ղ որ լիառատ ծըծեմ հեշտագինԿաթը մեղմահոս լոյսիդ տարփանքին՝Ու զով շաղերուդ կախարդանքը թաց։

Պարզ, լուսածածան, հրաշալի՜ գիշեր,Հոսէ՛ սրտիս մէջ դիւթանքիդ ալիք.Ճերմակ երազիդ ցայտքերէն մեղրիկՊուտ պուտ կաթեցո՛ւր հոգւոյս սիրաջեր։

Կ'ուզեմ որ դադրին ձայներն այս պատիր,Ու նեկտարիդ դողն ըմպեմ ես անյագ.Կ'ուզեմ որ մեռնի՜ն տիւ ու Ժամանակ՝Ու դաբիրներուդ իյնամ ծնրադիր։

Ու դաբիրներո՜ւդ իյնամ ծնրադիր,Այս պաղատագին շարԺուձեւիս մէջ,Ու մինչ կ'ողողեն զիս ցոլքերդ անշէջ,Աչքերս ալ մոռնան տակաւ այս նատիր։

Ցնորաբե՜ր գիշեր, ա՜հ, ընդունէ՜ զիս,Ընդունէ՜, միստիք ո՜վ անդորրութիւնԻմ աղերսակոծ շունչիս սօսաւիւն,Եւ համբոյրն անանց՝ զոր կու տայ հոգիս։

Սենեակս է լեցուն յուշքերովն աղիԵրէկի հովին վայրագ տարփանքին.Ու դեռ կը հծծեն խորշերն ողբագինՎախը գրգանքին անոր կատաղի։

Նե՛րս խուԺէ ուԺգին, նե՜րս պատուհանէսՈւ լեցուր խցիկս, մինչեւ կաթոգինՔու սրբութիւնով իր խորշերն յորդին,Եւ ես արթննամ վաղնջուց քունէս։

Համբոյրի՜դ, գիշե՜ր, պատուհանս է բաց,Թո՛ղ որ լիառատ ծըծեմ՝ հեշտագինԿաթը մեղմահոս լոյսիդ տարփանքին՝Ու զով շաղերուդ կախարդանքը թաց։

Comments

Loading comments…