Մառախուղ

Նայ շոգոլին կապտորակ, թեւատարած կը նստիԱւաններուն լըռանիստ` նըւաղումին մէջ ոսկի.Կարծես ծուխ մը հողն անդուլ դուրս կու տայ իմ ծերպերէն:Ու կը խայթէ իմ հոգիս պարապն այս հոծ կապոյտին,Բիլ պատմուճան լուսաթել` որուն փախեր է կոյսն հին:Ու մըշուշը կը լայննայ, ու մըշուշը կը լենայԱրտերուն մէջ` ուր խարտեաշ խուրձերն ինկան գիրկ գրկի:

Comments

Loading comments…