Ջրտուք
Շաւարշ Միսաքեանին
Հոյհո՜յ, գետը կը թրջէ ցայգուն քամակն արծաթուած,Իր հորձքին մէջ ծեծելով անդուլ խարակն ու խութեր.Հոյհո՜յ, առուն յորդառատ դալարին ծոցն է նետուերԳաղջ տարփանքովն իր ջուրին՝ ուր արեւը կ’ապրի դեռ:Հակուրջի մը առկախած գիւղակն անդին կ’օրօրենԱնրջական հիւսուածքով խումբ մը ժայռի ըստուերներ.Վանքին բակը՝ կ’աղօթեն հսկայ ծառեր տարօրէն՝Որոնց տամուկ շուքին մէջ Աստուածամարն է կայներ:Ու գիւղակին դէմ նստած, երիտասարդ ու պչրոտ,Պարտէզները՝ վերէն վար վազող ջուրին կըսպասեն.Ա՜լ հափրացած խօլ գետին անարգաւանդ դարպասէն,Ու լըռութիւնը խածնող լուտանքներէն արհաւրոտ:Գիշերային ջրտուքի ժամն է. լոյսին մէջ կայնած,Մըշակն անքուն կըսպասէ՜, ոտքը բոպիկ, բահն ուսին.Պարտէզներուն վրայ կ’իջնէ թեթեւ քօղք մը միգամած,Ու ծղրիդներ՝ լուսնակով արբշիռ՝ անվերջ կը խօսին:Ու կ’երկարի լուսարծաթ ժապաւէնն այդ բարբառին,Ինչպէս փախչող ասուպի կոթունները կաթնաւէտ.Աւազին վրայ ջուրերու կ’իյնայ շառաչը վէտվէտ,Խարոյկները՝ ոսկեբաշ՝ ուրեք ուրեք կը վառին:Հոյհո՜յ, առուն կը հասնի ցանկապատին քովերէնԵւ երգի քուղ մը կու գայ պլլըւած իր գօտիին.Սիւք մը կ’անցնի, տերեւներ ծա՛փ կը զարնեն ցնծագին.Վարէն ջուրը կը խայտայ, կը խնդայ լոյսն ալ վերէն:Թումբերն անդուլ կը բացուին, ջուրն անդադար կ’ոռոգէՎարդենիքը, թըթաստանն եւ ածուները բոլոր.Բահի երկու հարուածով նայիս առուն կը թեքէՕձաճապուկ ձեւերով հեղուկ իրանն իր ոլոր:Ջուրն անընդմէջ կը հոսի, ածուները կը լենան,Ու, դարձուցէ՛ք, կը կանչէ ծեր մը մութին ընդմէջէն.Խիճերուն ու սիկին մէջ, բահերը՝ խո՜ւլ կը հնչեն,Ու, դարձուցէ՛ք, դարձուցէ՛ք, կը կոչէ ձայնն անխափան:Աղջընակ մը, արիշին տակ նստած, շե՜ր կը կանչէ,Որ յոգնաբեկ մըշակին օրօրի մը պէս կու գայ.Հողը ծըծեց ջուրերուն տարփանքն՝ որ դեռ կը հնչէ,Եւ հիմակ՝ թա՜ց՝ կը խոկայ իր երկունքին ապագայ:
Comments
Loading comments…