Վերադարձի երգ
Կսկիծ կայ սրտիս մէջը վիրաւորԶոր արեւին լո՜յսն անգամ չի բուԺեր.Խորունկ ու ցաւոտ մորմոքում մը որ՝Ա՜հ, պիտի լայննա՜յ երբ իջնէ գիշեր։
Կը հիւծին ցոլքերն յոյսին հեռաւոր,Խարոյկի մը պէս՝ որ վաղ է մաշեր.Բայց դեռ կը յուզէ զիս տեսիլք մ'աղուոր՝Զոր ինձ կը բերեն անցեալին յուշեր։
Ու պիտի ապրի՜մ, վիշտը նոր ուԺերԿը բերէ յանկարծ հոգւոյս սիրավէր.Կեանքին կը դառնամ դեռ չըրած գիշեր։
Փուշեր նետուեցան օրէ օր վէրքիս,Ու հոն հեծեծանք մը բերին հովեր.Բայց սիրոյ յոյս մը կ'արեւէ հոգիս։
Comments
Loading comments…