Տուր ինծի Տէր
Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.Ծաղիկներո՜ւ պէս զայն ժողվեմ ճամբուս վրան`Նայուածքներուն մէջ ամէնուն եւ ամէն օր:Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.Եւ ես` հանգոյն երփնալուցկի վառող մանկան`Զայն գունաժպիտ տեսնեմ ուրիշ դէմքի մը վրան:Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.Զանգակներո՜ւ պէս զայն կախեմ ամէն դըրան`Ու զերթ նարօտ ամէն դըրան զայն պըսակեմ:Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.Ճրագներու պէս զայն բոցեմ բազմաստեղնեան`Խաւարին մէջ ամէն երդ ու խրճիթներու:Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.Զայն սրբասաց իմ հոգեակիս ընեմ խորան`Զայն իմ մտքիս ծըխեմ` զերթ խունկ բազմաբուրեան:Տու՜ր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական,Ու չըլլայ որ ուրիշներու կոծն ու կականԽեղդել ուզեմ ջրվէժին մէջ դափիս ձայնին:Տու՜ր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական,Ու չըլլա՜յ որ ծափիս ձայնին երգը գուժկանԵսիս սենեա՜կն ունենայ` ցու՜րտ առանձնարան:Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.Ու սեղանիս վըրայ դրուած մէն մի նըկան`Զոյգ մը խինդե՜ր գէթ ունենայ թող խաչանիշ:Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.Ու բաղխեմ զայն սրտիս ժայռին` իբրեւ մական`Որ բղխեցնէ ջուրն աներկմիտ երանութեան:Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.Զայն ջուրերու վըրայ ձըգեմ իբրեւ ուռկան,Զայն իբր արօր ակօսներո՜ւն ձըգեմ վըրան:Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.Զայն իբր անձրեւ ցօղեմ ամէն դաշտին վըրան,Զայն իբր արեւ բաշխեմ ամէն հորիզոնի:Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.Զայն ընդգրկած իտէալին ըլլամ որսկան.Զայն լաստ ըրած ես Լոյսերու նաւո՜րդն ըլլամ:Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.Ժողվել` հոգւոյն մէջ ծերերուն, կոյսին, մանկան,Պարզ մարդերուն` գեղջուկներուն ու բանուորին:Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.Ժողվել` հոգւոյն մէջ ամէնո՜ւն, համայնականՀոգւոյն ամէն մասնիկներուն մէջ` ամէն ժամ:Ճամբաներէն, ու գետերէն, ու դաշտերէն,Անտառներէն, ու լեռներէն, ու ձորերէն,Տանիքներէն, ու տուներէն, ու դուռներէն`Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական:
Comments
Loading comments…