Ուռը

Իրիկուան մէջ, գիւղին քով,Կը մըրմընջէ գուռն ուռիին տակ շըքեղ։Զայն կը լեցնէ աղբիւրն երգովը բիւրեղ,Աստղը ՝ բիւրեղ արցունքով։Խորհուրդին մէջ ըստուերինԿընունքի ջինջ աւազան մ՚է կարծես ան՝Ուր քաղցրօրէն կը մըկըրտուի լուսընկան՝Տըղու մը պէս նորածին։Յոգնաբեկ խումբն եզներունՀոն կը դիմէ արահետէն ճախճախուտ՝Ուրկէ կ՚հոսի, ճապաղելով, ջուրն անփոյթ՝Մարգերուն տակ՝ պըսպըղուն։Կողեր կողի դէմ ահա՛,Եվ գաւակներ գաւակներու կ՚ընդհարին.Յանկարծ մոլուցք մ՚եղջիւրներու ահագինԿը տատանի գուռին վրայ։Միահաղոյն կ՚երկարենՎիզերն իրենց, և ռունգերնին յարդամածՅըստակ ջուրին ադամանդին մէջ մըխած՝Յաւերժօրէ՜ն կը խըմեն։Կ՚ըմպեն ալիքն անապակ,Լոյս ծիւրումը պարեխներուն սառնակերտ.Ու չե՛ն խըրտչիր լուսընկայէն՝ որ մերթ մերթԿ՚լողայ իրենց բերնին տակ։Կը վերցընեն երբեմն, յա՛գ,Հըզօր գլուխնին, ու կը նային սարերո՜ւն…Կը սորսորայ իրենց դունչէն՝ քարերուն՝Ջուրը, երակ առ երակ։Անդէորդն, հոն, մահակինվըրայ կըռթնած՝ կը սուլէ երգն հեշտօրօր,Մինչև վէտ վէտ ցամքի հեղուկը բոլոր,Մընայ մամուռն՝ յատակին։Կ՚երթան յետոյ, օրօրուն,ոմին խաղաղ գաւիթին մէջ պառկելու.Կը կարկաջէ գիւղամէջէն, զերթ առու,Զանգակն իրենց վիզերուն։Ու երբ դարձեալ գան առտունՊիտի գըտնեն հըսկումին տակ ուռիինուռը նորէ՜ն լեցուած երգովն աղբիւրին,Եվ արցունքովն՝ աստղերուն։Իրիկուան մէջ, գիւղին քով,Կը մըրմընջէ գուռն ուռիին տակ շըքեղ։Զայն կը լեցնէ աղբիւրն երգովը բիւրեղ,Աստղը ՝ բիւրեղ արցունքով։Խորհուրդին մէջ ըստուերինԿընունքի ջինջ աւազան մ՚է կարծես ան՝Ուր քաղցրօրէն կը մըկըրտուի լուսընկան՝Տըղու մը պէս նորածին։Յոգնաբեկ խումբն եզներունՀոն կը դիմէ արահետէն ճախճախուտ՝Ուրկէ կ՚հոսի, ճապաղելով, ջուրն անփոյթ՝Մարգերուն տակ՝ պըսպըղուն։Կողեր կողի դէմ ահա՛,Եվ գաւակներ գաւակներու կ՚ընդհարին.Յանկարծ մոլուցք մ՚եղջիւրներու ահագինԿը տատանի գուռին վրայ։Միահաղոյն կ՚երկարենՎիզերն իրենց, և ռունգերնին յարդամածՅըստակ ջուրին ադամանդին մէջ մըխած՝Յաւերժօրէ՜ն կը խըմեն։Կ՚ըմպեն ալիքն անապակ,Լոյս ծիւրումը պարեխներուն սառնակերտ.Ու չե՛ն խըրտչիր լուսընկայէն՝ որ մերթ մերթԿ՚լողայ իրենց բերնին տակ։Կը վերցընեն երբեմն, յա՛գ,Հըզօր գլուխնին, ու կը նային սարերո՜ւն…Կը սորսորայ իրենց դունչէն՝ քարերուն՝Ջուրը, երակ առ երակ։Անդէորդն, հոն, մահակինվըրայ կըռթնած՝ կը սուլէ երգն հեշտօրօր,Մինչև վէտ վէտ ցամքի հեղուկը բոլոր,Մընայ մամուռն՝ յատակին։Կ՚երթան յետոյ, օրօրուն,ոմին խաղաղ գաւիթին մէջ պառկելու.Կը կարկաջէ գիւղամէջէն, զերթ առու,Զանգակն իրենց վիզերուն։Ու երբ դարձեալ գան առտունՊիտի գըտնեն հըսկումին տակ ուռիինուռը նորէ՜ն լեցուած երգովն աղբիւրին,Եվ արցունքովն՝ աստղերուն։

Comments

Loading comments…