Արշալոյսները
Ու արհաւիրքով լեցուն Մեռելները այն ապառաԺուտբլուրներուն տակէն,Որոնց վրայ ըմբոստացումի մեր կարաւանը կը լեռնաւորուէր,Յանկարծ իրենց մերկ բազուկները դէպի մեզիտարածելէն,Նորէն կեանքը վերագտածի իրենց երգերը ցնորաբեր,Ամէնքը մէկ, անշարԺ ու երկիւղած ու գիշերախառնօրէնմղձաւանջային,Տարօրինակ երջանկութիւնով մը երգեցին...։
«Օ՜, կա՛նգ առէք ձեր վերելքին վրայ, ո՜վդիւցազունները վաղուան,Ու մտիկ ըրէ՛ք անոնց որոնք փառքի օր մը մահըանարգեցինՁեզի ու մեր ամէնուն համար...Մենք, մեռելներս, ձեզի հետ ենք այս առաւօտ,Այլեւս մեր բազուկի ոսկորներուն ճարճատիւնները,գիտե՜նք, դիւային,Սրունքներնուս երկայնքն ի վար ու ձեր ականջին,ՄահագուԺօրէն պիտի չի հնչեն...։Քանզի, մեր կմախքները ՝ ալ դագաղներէն ու աւերակ-ներէն դուրս,Սա՛ ծաղիկներուն նման, վերէն յորդող լոյսերուն տակ,Օ՜, աւետի՛ս ձեզի, ալ կը սկսին պայծառօրէնմսաւորուիլ...։
«Ու նորէն մեր այսչափ ատեն,Խաւարով ու հողով ու յուսահատութիւնով լեփլեցունԿոպերնուս տակը, այս պահուն,Մեր նայուածքները լիճերու նման կը բացուին։Ու մեր խեղճ շրթունքները մահէն տրորուած,Օ՜, գթացէ՛ք, մայրականօրէն, ձեր հրավառճակատներուն պէտք ունին...։
«Մեր գերեզմանի քարերն ու խաչերն արիւնլուայ,Որոնք մեր մահը ու այս կեանքը մեզի հետ ապրեցան,Սպասեցէք որ ձեր դիւցազնի գլուխներն անոնց վրայԳէթ վայրկեան մը զարհուրանքէն իրենց խոնջէնքըհանգչեցնեն...։
«Նորէն կ'ըսենք, մենք անոնք ենք որոնք օր մը փրկանքիԻրենց կեանքը ձեզի համար Եղեռնին տուին...Ու անոնք դարձեալ որոնք դուք ձեր այսօրուաներգերովն ամեհի,Աւերակներու ծանրութեանը տակ ուր ցաւին հետվատաբար կը կըքէինք,Ձեր արարչագործ շունչովը մեզի կեանքը տուիք։
«Ուրեմն ձեր երգերը մեր երգերը թո՛ղ ըլլան,Բայց թոյլ տուէք որ ձեր ամէն մէկուն պատեանէնմերկացած սուրը պողպատէՍա՛ մեր քարուտ, ու դաԺան, ու մութ ու անողորմճամբան,Ծիածանի մը հանգոյն մինչեւ Նպատակը լուսաւորէ...»։
Ու ես բլուրներուն վերէն ու դաշտավայրին վրայ,Անսահմանօրէն ոտքի՛, ինչպէս աշտարակ մը կռանիդէ,Տեսայ որ, բիւրաւո՜ր ու բիւրաւո՜ր ծննդաբեր մայրերըսեւահերԻրենց նորածին զաւակները ձեռքերնուն մէջ ուխելայեղօրէն դէպի վե՜րԱրիւնոտած հորիզոններուն ամբարձուցին,Զանոնք առաւօտին ճառագայթներուն խորը մխրճելով,Յաւիտենականօրէն մկրտելու համար...։Ու բոլորը մէկ իրենց ջինջ ու ծանր ու լուսաւոր ձայնովըերգեցին...«Ո՜վ դո՛ւք որ մեր մարմարէ կողերուն մայրութենէնստեղծուեցաք,Ձեր կեանքին առջեւ փակ աչուըները սա լոյսերովըոռոգելէն ՝Խմեցէ՛ք նախ այդ արիւնէն որ արիւնն է ձեր փառաւորհայրերուն,Ու յետոյ ամէն օր մեր առոյգ ստինքներուն կաթըաստուածայինՁեր ամէն մէկը պիտի ընէ այնպէս ինչպէս որ ձերհայրերը մեզի համարՍա դաշտերուն մէջը անձնուրացօրէն եղան...։Ուրեմն Ովսաննա՜յ ձեզի, դո՜ւք՝ մեր միսը, ու դո՜ւք՝մեր հոգին,Ու Ովսաննա՜յ անոնց որոնք ձեզի մեր մէջը փառքի օրմը կերտեցին...»։
Երգերը դադրեցան, մինչդեռ յանկարծ յայտնուեցաւ որ,Անդին, անծայրածիր ու հեռաւոր արտերուն վրայ,Բոլոր երիտասարդ ու լայն ու հուԺկու հերկողները մերվաղնջական հողերուն,Իրենց խելայեղ եզները երկաթներուն լծած, ույամառօրէն,Ադամանդէ ու յակինթէ արգասաւոր Արշալոյսներըկ'արօրեն...։
Comments
Loading comments…