Յոյսին ճամբան
Ու անոնք, հսկայաձեւ ռահվիրաները մարմարեղէնՅոյսին,Ըմբոստացումներու ապառաԺներէն իրենց ճակատներնարիւնած,Բայց աչուըներնէն անասելի արհաւիրք մը արձակելովՈւ իրենց փշրող ակռաներուն տակ հրաշէկ դանակներտրորելէն ՝Աւերակներու քառուղիի մը վրայ, այս իրիկունՏԺգունութեանս հետ երես երեսի, ինծի ըսին.
«Ո՜վ դուն որ քու մատուըներովդ աչուըներդ փորեր ՝Այս ընդվզումի ու խօլ երիվարումներու պահունՎճռական փոթորկումներուն անտարբեր՝Այսպէս շրթունքներըդ դէպի Ցաւը կարկառած՝Ու բազուկներդ, պաղատանքի մէջ, յոգնածօրէն դէպիվեր,Առաւօտէ առաւօտ ու իրիկուընէ իրիկուն,Անշա՜րԺ, մեզի համար զոհուածներուն վրայ, եղբօրմը պէս, բայց վայրապար ՝Քու վէրք դարձած նայուածքներուդ բոլոր արիւնըտուիր...
«Օ՜ նախ քու փորուած բիբերդ անհուն,Մեր պաշտամունքի ջահերուն դարձո՛ւր,Ու մտածումովդ մեզի ունկնդրէ,Գիտենք որ դուն երազող մըն ես ու այլուրներէնսթափեցար,Ոգեւարներու աղերսող հռնդիւններէն հրաւիրուած,Ու իրենց քարուքանդ մարմիններուն գալարանքէնսարսափահար,Անոնց վրայ քու երգերուդ թաղմանական հանգիստինհետ,Ձեռուըներուդ հանգչեցնող շարԺումները տարածելու...
«Բայց նուիրական Ցաւը ինքն իր մէջը ձգէ՛,Ո՜վ դուն, ողջակիզումներու ուխտուած սպիտա՜կ տղայ։Երբե՛ք պէտք չէ խաղաղութիւնը խռովել ինկածներունԵթէ նոյն իսկ նայուածքներուդ արիւնին աղբիւրներովնալ ըլլայ։Ու դուն մտածումովդ այսուհետեւ, յաւերԺապէսՓառքերու ճակատագրին սահմանուածԱստուածային մարմարներու զանգուածներէն ՝Քու Ձեւերուդ խենթութեանը համեմատ,Եթէ կ'ուզես, Տառապանքը, դարերուն համար,քանդակէ՛.Բայց, մի՛ մոռնար, Անոր աչուըներն ու բերանը ուհոգին, տարփօրէն,ընդվզումի ստինքներուն կարկառելու...։
«Ու յետոյ ու մանաւանդ ըլլալու համար ԱՆ ՝ որ պէտքէ ըլլալ վերջապէս,Այս մաքառումի ու ակնկալութեան օրերուն,Ամբողջ երկիրը, ստուերիդ մէջէն, հոգիիդ հետ,առանձին,Հորիզոնէ հորիզոն քալէ՛ դուն,Աւաններէն, ու դաշտերէն, ու արտերէն անծայրածիր,Դէպի քաղաքներն, ու գիւղերն, ու հնձաններն հեռաւոր.Ու քայլիդ վրայ անխոնջօրէն նորէն վերադարձիր,Եւ մոլեգնաբար Մահը հոտոտէ՛,Գիտե՜ս որ պէտք է բաղխուիլ անկէ,Բանալու համար մեծ ճամբաները Յոյսին,Որպէսզի, վերջապէս, Երազին ձիերը փոթորկանմանՄեր կամքին ձեռուըներէն դիւցազնաբար վարուելէն ՝Յաղթանակին կատարները արձանանան...։
«Ու վայրկեան մը մթաստուերին մէջէն,Եթէ կրնաս, անհունօրէն ետիդ դարձիր,Ու տես մեռելներու հողէն Ժայթքումն յանկարծականՈր գերեզմաններուն ու քանդուած քաղաքներունտակէն,Մէկէն ի մէկ փրկութեան ոգումներէն շնչաւորուած՝Մեր ետեւէն, այս իրիկուն, տենդօրէն ոտքի ՝Դէպի Յոյսին բացաստանները պիտի քալէն։Ու անոնց հաւատքին հրայրքը նայէ՛ ու սիրտ ա՛ռ,Տե՛ս իրենց ծանր քարերն ու սեւ խաչերը փայտէՀողէն յոգնած ուսերնուն վրայ,Տե՛ս իրենց պատանքներն իրարու արիւնէ կարմիր ՝Խաւարներու հովերուն տարածած,Ու տե՛ս, տե՛ս բոլորն ալ մէկ մէկու առջեւ կարծես թէծնրադիր, տե՛ս,Իրարու համար անգամ մըն ալ մեռնելու երդումներըկ'ընեն...։
«Ու ամէնքն ալ հոն պիտի ըլլան, այսօր, մեզի հետ,Անոնք որ կոյր են ու անոնք որ անկար,Ու անոնք որ իրենց վիզերը խելայեղօրէնՄէկ մէկու հոգիի համարԴէպի Եղեռնը երկարեցին...։Ու անոնք ալ որ մեր վարպետներն եղան ընդվզումի,Որոնց խօսքերը մեր խօսքերն են, այս իրիկուն,Ու իրենց հոգին մեր պաշտամունքը առ յաւէտ։
«Ու տակաւին ամբոխը կայ անոնց ՝ որոնց սարսափինաղէկ որ չընդհարեցար դուն,Միայն մենք գիտենք թէ անոնց մարմինները ո՜րչափամեհի են,Ու իրենց աչուըներն ու շարԺումները ո՛րչափ ահարկու...Ու այն արիւնը որ եղբայրներու գլխատումէն իրենցմտքովն ըմպեցինՕ՜, անոնց գանկերուն մէջը ՝ յաղթանակներու ծարաւէնգինով արծիւներուԱնսահման թեւաբախումները բացաւ...։
«Ու դեռ մայրերը կան, արգասաբեր ու հերարձակ,Որ վերը, վրաններուն մէջը դաշտավայրին,Իրենց յուռթի ու լայն ու լուսաւոր կողերուն տակ,Մեր վաղորդայնները նորէն փառաւորելու համարՄոլեգին Դիւցազներու կարմիր երկունքը կ'ապրին...։
«Բայց հիմա որ առաւօտը պայծառօրէն մօտեցաւ,Ու դուն մեր հոգիները ճանչցար,Ո՜վ երազելէն ոգեվարող եղբայր,Եկո՛ւր, որպէսզի մեր շրթունքները քու շրթունքներդընդունինՎայրկեանի մը ու յաւիտենականութեան մը համար...։Ու դեռ Արիւնին նուիրական պղծումէն չկարմըրած՝Սա՛ փայլակէ սուրը կտրիճօրէն ձեռքդ ա՛ռ,Ու անով մեր ամէնուն սուրերը սա՛ աստղերունմաքրութեանը տակ,Երդումներուն Երդումը ընելէն խաչաձեւէ՛...Ու գէթ անգամի մը համար ՝ ինքնիրմէդ դուրսգահավիԺելէն ՝Եթէ կրնաս, մեզի հետ քալէ։ Ահաւասի՛կ ճամբան»։
Comments
Loading comments…